ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ-

Մօտաւորապէս քառորդ դար անցած է, երբ նոր տարուայ սեմին, հետեւեալ բանաստեղծութիւնը գրեցի եւ որովհետեւ գրութիւնը ամանորի նախօրեակին էր, ատոր հետեւանքով, «ամանոր» բառը եկաւ «աղօթք»ին միանալու: Տարիներ անցան են եւ բանաստեղծութիւնը տպուեցաւ եւ արտատպուեցաւ բազմիցս անգամներ:

Հիմա երբ կը կարդամ այս բանաստեղծութիւնը, կը նկատեմ, որ՝ հոն արտայայտուած աղերսը, մասնաւոր օրուան մը, կամ դէպքի մը հետ չ’առընչուիր. Ամենօրեայ աղօթք է, ընդհանրական, համամարդկային եւ այժմէական:

Այդպէս մեկնաբանեց Փորֆ. Ճէյմս Րասսըլ, ստորեւ իր ակնարկին մէջ:

Նոյնը նկատած էր Վարդապետ, այժմ Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիկեանը, որ ինքնաբուղխ, երաժշտութիւն յօրինած էր սոյն բանաստեղծութեան հրատարակութենէն երկու տարի ետք:

Քառորդ դար ետք, նոյն աղերսը դեռ կը վերթեւուի մէջս:

ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…

           Կաթիլներու ջուրին նման

վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունդն այս ապականած
ու վար ցողեն դանդաղօրէն
                          եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու
                          եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…
            սերմերու պէս դաշտին նետուած
            ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու
            եւ տաս անոր գիտակցութիւն՝
                           վեհին անեղծ
                                     եւ վսեմին սրբամաքուր։


Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

Որ մարդուն մէջ
                      – կաւովն ափիդ մարդկայնացած-

Որ մարդուն մէջ

                      – Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-

Որ մարդուն մէջ, 

                      ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

ՀՐԱՆԴ  Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9, 1996

Քանկըրս, Նիւ Եորք