Հրանդ Սիմոնեան – 90

Հրանդ Սիմոնեան – 90
Նոյեմբերի 20-ին լրացավ գրական մեծ բարերար, ազգային և հասարակական նվիրեալ գործիչ Հրանդ Սիմոնեանի 90 ամյակը:

Հրապարակագիր, ՔՀԳՄիութեան պատուոյ նախագահ ու Հայ Դատի խոնարհ ծառայ՝ Հրանդ Սիմոնեանին:
Ծառայելը, կեանք մը ամբողջ, յոբելեար Հրանդ Սիմոնեանը պատնէշի վրայ ամուր պահող կարգախօսը եղած է: Անպայման ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ մեր սիրելի Հրանդին յոբելեանը ի՞նչով է յատկանշական: Առաջին հերթին պիտի մատնանշէինք անոր երիտասարդ ու առոյգ արտաքինը, գործելու կորովը, կենսասիրութիւն եւ 90 սեմին տակաւին լեռները շարժելու հզօր կամքը: Հակադրուելով մեր մօտ հետզհետէ տիրական դարձող մտայնութեան, Հրանդին նման՝ «ջան ֆետայի»ի մաքուր հոգիով թրծուած գաղափարապաշտ անհատներ ու հայ դպրութեան անխոնջ մշակներ, բացարձակապէս կ՛ընդիմանան ինքնածանուցման փորձութեան: Արդարութեան սիրոյն, Հրանդի նման զինուորեալները հարկ է գնահատել իրենց նուիրումին, կատարած գործին ու ետին թողած հսկայական աւանդին համար: Շքանշաններն ու կոնդակները պէտք է որ ամէնէն առաջ մարդուս երկարամեայ վաստակը արդարացնեն: Արդ, ընդոտնելով այդ բոլորը, Հրանդին բարեկամներն ու գործի ընկերները հպարտութեամբ կը նշեն 90 ամեայ յոբելեանը սփիւռքահայ գրող մտաւորականի մը, որուն կեանքը լոկ տարիներու կուտակում չէ եղած, այլ գրական-հրապարակագրական վաստակով լեցուն, ազգային գետնի վրայ իրագործումներով հարուստ, անսակարկ ծառայութեան ոգիով առլի եւ հայապահպանման սխրանքներով յատկանշուող գոյութիւն մը: Մեր յոբելեարն ալ իրեն հասակակիցներէն շատերուն նման, ինքնաշ-խատութեան դպրոցը յաճախած է: Անկէ վկայուողները բանով մը ետ չեն մնացած համալսարանի պէսպիսուն տիտղոսներով սոնքացողներէն: Հասարակական, գրական եւ կուսակցական իր կեանքին մէջ, Հրանդը առաւելապէս եղած է գործի եւ ոչ թէ խօսքի մարդ, ինչպէս հրապարակը իրենց վերացական գաղափարներով լեցնող կարգ մը մտաւորականներ: Հրանդին կերպարը հասկնալու համար, մարդ պէտք է աչքին առջեւ բերէ անգլիացի Սըր Պատըն Փավըլին հիմնած սկաւուտական շարժումը, որուն նշանաբանը՝ «ԾԱՌԱՅԵԼ»ը եղած է : Ատոր կողքին անգլերէն ասացուածք մըն ալ գոյութիւն ունի. «once a boy scout, always a boy scout» որուն իմաստը վեթերան ամէն սկաւուտ խորապէս կը հասկնայ: Եւ ուրախ ենք նշելու, թէ եղբայր Հրանդը հոգիով ծառայասէր այդ սկաւուտը կամ սկաւուտապետը մնաց, ամբողջ կեանք մը: Արդարեւ, իր շրջապատին մէջ նեղութեան ու դժուարութեան մատնուածներուն միշտ ալ հասած է Հրանդ… անիկա, զոյգ պատրոյգներով վառուող մոմի նման, ինքզինք սպառեց իր ազիզ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ: Եւ դեռ մէկէ աւելի թերթերու հրատարակութեան սատարեց ու շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ անոնց գոյատեւումը ապահովելու մէջ: Եւ իբրեւ հաւատաւոր քրիստոնեայ, «աջ ձեռքիդ տուածը ձախը պէտք չէ իմանայ»ի սկզբունքով գործեց ան եւ այդ բոլորը կատարեց պատանիի ամօթխածութեամբ շիկնելով, կարծես օգնութիւնը ստացողը ինքն ըլլար… Չմոռնանք աւելցնելու թէ Հրանդ Եւ Մանուշ Սիմոնեաններու կողմէ կեանքի կոչուած գրական զոյգ մրցանակները (հայրենիք եւ Սփիւռք) կը գործեն ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ: Երբ ութսունական թուականներու սկիզբը, Քալիֆորնիայի գրողներու միութեան հիմը դրուեցաւ, նախաձեռնողն ու շարժումին ոգին ի՛նք Հրանդը հանդիսացաւ: Միաձայնութեամբ խմբակին գործադիր նախագահը ընտրուեցաւ ան: Հիմնադիր ժողովը Սիմոնեաններու տունը կայացաւ: Ներկաներուն մէջ մասնաւորաբար աչքի կը զարնէին Վահէ Օշական ու վիպագիր՝ Երուանդ Պարսումեան: Քիչ ետք մեր խումբին միացան Յակոբ Կարապենց ու տաղանդաւոր այլ գրողներ: Ու տարին չբոլորած, Հրանդը որպէս Սիմոն Սիմոնեանի յոբելեանի կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետը՝ ամբողջ գաղութը զօրաշարժի ենթարկեց: Անոր անձէն արտացոլող հմայքին իբրեւ արդիւնք, ամբողջ ամերիկահայութիւնը թիկունք կանգնեցաւ գրական մեր խմբակին: Հրանդին անձին կուրօրէն կը վստահէին Քալիֆորնիայի նահապետ՝ Արշակ Տիգրանեանէն սկսեալ մինչեւ նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան:
Աստուածավախ խոնարհ հերոս մը եղած է մեր յոբելեարը, որուն ափին մէջ յաճախ, հողը՝ ոսկի դարձած է: Անուղղայ լաւատես մը, որ յաջողակ գործարարի իր ձեռներեցութեան միացուցած է գրելու Աստուածատուր շնորհը, խորաթափանց հրապարակագրի սուր հոտառութիւնը, կազմակերպչական կարողութիւն եւ այդ բոլորին պսակումը հանդիսացած է Հայ Դատին հանդէպ Հրանդին ունեցած աննկուն հաւատքը: Հայ Դատը Հրանդին ու իր ընկերներուն Աքիլլեսեան կրունկը հանդիսացաւ: Հրանդին ու անոր գաղափարակից ընկերներուն համար, Հայ Դատը Հայաստանի հզօրացումն էր, հայեցի դաստիարակութեան ու հայ մշակոյթի պահպանումը եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածումը, եւ ամէնէն կարեւորը, հողային մեր արդար պահանջքը՝թուրք ոսոխէն: Տակաւին, 60-ական թուականներուն, անիկա ուս-ուսի տալով իր իրաւունքին մէջ ուրիշ հսկայի մը՝ Սիմոն Սիմոնեանին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Սփիւռք» շաբաթաթերթի շրջանակէն ներս, Հայ Դատի ներկայ հասկացողութեան ու տարազի յստակացման սատարող նախակարապետները պիտի հանդիսանային անոնք: Հրանդին եւ անոր ընկերներուն կարգադրութեամբ, 1971-ին ամառը, Լիբանանի մայրաքաղաքը պիտի հաւաքուէին Հայ Դատով շնչող յայտնի մտաւորական-գործիչներ: Ի՛նք Հրանդն ու Ճորճ Ատոմեանը՝ ԱՄՆ-էն, Երուանդ Պարսումեան՝ Քուէյթէն, պատուելի Ֆրնըզեան՝ Զուիցերեա-յէն, այս յօդուածագիրը Ափրիկէէն, ու Գէորգ Աճէմեանի կողքին մեծ թիւով լիբանանահայ եւ սուրիահայ մտաւորականներ: Չբաւարարուելով Հայ Դատի ծիրէն ներս կատարած իր եռուն գործունէութեամբ, Հրանդը խիստ հետաքրքրական թղթակցութիւններ կ՛ուղարկէր հեռաւոր Քալիֆորնիայէն, ամերիկահայ կեանքը ծանօթացնելով Միջին Արեւելքի հայ զանգուածներուն, շենշող կապ հաստատելով ամերիկահայութեան եւ արտերկրի հայութեան միջեւ: Անոնք որոնք Նախախնամութեան կը հաւատան, 90 տարիներ առաջ լոյս աշխարհ եկած նուիրեալ այս հայուն ծննդեան մէջ, անպայման ատոր տնօրինումը պիտի տեսնեն: Տակաւին պատանի Հրանդին ՀՄԸՄ եւ ապա ՀՅԴ-ի շարքերը անդամագրուելուն մէջ եւս դերակատարութիւնը պիտի փնտռեն հայու ճակատագիրը տնօրինող հզօր այդ ուժին: Քանի որ առանց հայրենապաշտ կուսակցութեան շարքերուն մէջ կոփուած Հրանդներու նուիրումին, պիտի ամայանար հայ մշակութային կեանքը այս գաղութէն ներս եւ ի սփիւռս աշխարհի: Եւ մեր բարեկամը ողջմտութիւնը ունեցաւ այժմէական իր գրութիւններով հոգեկան կապ ստեղծելու աշխարհով մէկ սփռուած «հայ դատի զինուորներուն» միջեւ: Հզօր կապ մը որ զինք ներշնչեց, սփիւռքեան պատմութեան հում նիւթ ծառայող սքանչելի գործը գրելու. «Հայ դատի զինուորներ, լաւ մտիք ըրէ՛ք…»: Լաւ կ՛ըլլայ որ ամէն տեղ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու երիտա-սարդ անդամները, ուշի ուշով կարդան Հրանդին այդ հատորը եւ հայ մամուլի մէջ լոյս տեսած Հայ Դատի ծիրէն ներս միւս մտաւորականներու գործունէութեան նուիրուած յօդուածները: Նորերը պէտք չէ մոռնան կամ անգիտանան մեր արդար դատը օտարին ծանօթացնելու ուղիով իրենց նախորդ սերունդներուն կատարած հսկայական աշխատանքներն ու այդ ուղղութեամբ յանձն առած զոհողութիւնները: Արդեօք անիւի գիւտը կատարողի մեծամտութեամբ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու շրջանակներէն ներս, ո՞վ պիտի ձեռնարկէ այդպիսի հանրօգուտ աշխատասիրութեան մը պատրաստութեան եւ հրատարա-կութեան: Արդ, Հրանդն ու անոր հաւատաւոր զինակիցները, 70-ական թուական-ներուն այնքան տարուած էին սփիւռքահայ մեր կեանքը եւ ըմբռնումները յեղաշրջելու աշխատանքով, որ յայտնի յեղափոխական գրողին նման կարող էին մէկ նախադասութեան մէջ սեղմել իրենց ապրած կեանքի տրաման. «Գրիչս թոյլ չտուաւ որ կռուող դառնամ, իսկ զէնքը թոյլ չտուաւ որ ամբողջութեամբ գրականութեան նուիրուիմ…» : Մեզմէ քանիներո՞ւն պիտի յաջողուէր յոբելեար մեր ընկերոջ նման գրողի փառքն ու փառապսակը զոհել, ամբողջութեամբ մեր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուելու: Ես ալ Հրանդին սերտ ընկերներուն նման փորձեցի զինք համոզել, որ վիպագրէր հոլիվուտեան իր խայտաբղէտ փորձառութիւնները: Ի դէպ երբեք ուշ չէ, քանի որ անոր ոչ ներուժը եւ ոչ ալ գրողի տաղանդը կը պակսի այդ մէկը իրագործելու համար: Այստեղ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ յայտնել, թէ ի վերջոյ մեզի յաջողուեցաւ 90 ամեայ մեր բարեկամը համոզել, որ գոնէ հրապարակագրական փորձերէն փունջ մը առանձին հատորով լոյս ընծայէ:
Հրանդ ջա՛ն, ի խորոց սրտի կը մաղթեմ, որ բարին Աստուած քեզի երկար կեանք շնորհէ, որպէս զի նոյն ոգեւորութեամբ, հարիւրամեակդ ալ տօնենք: Խօսքս կիսատ պիտի մնար, եթէ յուզիչ այս առիթով չյիշէի Հրանդի կողքին միշտ ալ սարի պէս կանգնած անոր կողակիցը, Մանիշը, որ այլեւս մեզի հետ չէ: Անիկա տասնամեակներ ամբողջ, իր տան ջերմ յարկէն ներս, գաղութին լաւագոյն գրական երեկոները կազմակերպեց: Հրանդը իր ամուսնական կեանքին մէջ ալ օրհնուած էր Մանուշակին նման գիտակից կողակիցով մը եւ մտաւորական ու հայրենասէր երեք մանչերով, որnնց կրտսերը դժբախտաբար, տարի մը առաջ զոհ գնաց անբուժելի հիւանդութեան մը: Ցաւակցութիւն ու բարի տարեդարձ սիրելի Հրանդին:

Պօղոս Գուբելեան