ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

  ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ  ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

              ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումս, այսու խստօրէն կը դատապարտէ թրքօ-ազերիական անարգ յարձակումը Արցախի վրայ, զոր սանձազերծած է հայատեաց Ազրպէյճանը, հովանաւորուած ու քաջալերուած մեր ոխերիմ թշնամի՝ ցեղասպան Թուրքիայէն:

Ձեռքերը 1.5 միլիոն անմեղ հայերու արեան մէջ թաթխուած Թուրքիան, այսօր կրկին կը փորձէ դիմել իր մարդասպան քաղաքականութեան, գործի լծելով ազերիական միապետական իշխանութիւնը, անոր բանակներուն միջոցաւ արիւնով խեղդելու համար Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, միաժամանակ Ազրպէյճան տեղափոխելով իր կողմէ մարզուած սուրիացի ահաբեկիչներ եւ ռազմական սարքեր, նկրտելով իրագործել իր Փանթուրանական մերժելի դարաւոր ծրագիրը: Անոր նպատակը ոչ միայն ասպատակել է Հայաստանը, այլ ամբողջ Կովկասը, հասնելու համար թրքալեզու երկիրներ, զանոնք եւս հպատակեցնելու իր կամքին:

Այսօր, միքանի օրէ ի վեր արցախի պաշտպանական բանակը կը տանի Մահու Կենաց կռիւ ու օրհասական պատերազմ՝  պաշտպանելու համար իր հայրենիքը, հողը, տունը, ընտանիքը, արժանապատուութիւնը եւ պատիւը: Անարգ թշնամին պէտք է իմանայ, որ հայ ժողովուրդը անտեսած ամէն տեսակ սպառնալիք, զէնք ու զրահ, արդիական ամէն տեսակ ռազմասարք, այսօր բռնցքուած է բոլոր ժամանակներէն աւելի, եւ կ’ապրի Նոր Սարդարապատ: Ուստի, ան չի կրնար նահանջել նոյնիսկ մէկ սանթիմ: Մեզի արտօնուած չէ նահանջ, ոչ ալ պարտութիւն: Մենք պարտաւոր ենք միայն յաղթել թրքօ-ազերի վոհմակներուն եւ իրենց խիղճը վաճառքի հանած վարձկան նենգ ահաբեկիչներուն՝ արժանի պատասխան տալով պատերազմ սանձազերծած բոլոր սադրիչներուն, զանոնք առաջնորդելով մահ:

Մեր ոխերիմ թշնամիները պէտք է լաւ գիտակցին, որ Հայ նահատակներուն արիւնով շաղախուն արցախեան հողը, հայուն համար Սուրբ հող է, Հայրենիք է: Զայն կորսնցնել կը նշանակէ վտանգի ենթարկել մեր փոքրիկ Հայաստանը: Մենք զայն կը պաշտպանենք ի գին ամէն զոհողութեան, որպէսզի վաղը խաղաղութեան մէջ ապրի ապագայ սերունդը:

Արդ, կրկին անգամ դատապարտելով ազերիական զազրելի յարձակումը, Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումս այսու կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը եւ նեցուկը Արցախի քաջարի Բանակին, վտանգ ու մահ արհամարհող մեր առիւծասիրտ զինուորներուն,  Արցախի հերոս ու մարտնչող ժողովուրդին եւ մեր պետականութեան, հաւատալով, որ հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը, կամքը եւ պայքարելու ու մարտնչելու վճռական որոշումը կրնայ աւարտիլ  լոկ յաղթանակով:

ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ,

ԿԵՑՑԷ՛ ԱՐՑԱԽԸ

ԵՒ ԿԵՑՑԷ՛ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏՈՂ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ: